Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի Արցախի գրաւումով պարզուած կացութեան, մեր ժողովուրդին մօտ ստեղծուած խոր ցաւին ու ընդվզումին եւ Հայաստանի մէջ կայք հաստատած Արցախի մեր զաւակներուն մարդասիրական օժանդակութիւն կատարելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան: Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը նոր կացութեան դիմաց կը գտնուին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը մօտէն հետեւի տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարէ՝ հեռու պահելով Հայաստանը անհամաչափ քայլերու վտանգաւոր հետեւանքներէն: Ապա, Հայրապետը ընդգծեց, թէ իր արժեւորումով, ներկայ հանգրուանին իրապաշտ մօտեցումով ռազմավարական նոր մօտեցում հարկ է ճշդուի, նկատի ունենալով յատկապէս հետեւեալ երեք կէտերը.- ա) Ռազմագերիներու եւ Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած Արցախի պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակում։