ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտեն հայտարարություն է տարածել․ «Սիրելի՛ հայորդիներ, Հայաստանն ու հայութիւնը կ՛ապրին աննախընթաց ճգնաժամային ու անկիւնադարձային փուլ մը: Արցախի կարեւոր մասի կորուստէն ետք ահաւասիկ ամէն օր Հայաստանի սահմանները ոտնահարելու եւ հողատարածքներ զաւթելու թշնամիին վարքագիծը կը դառնայ տեսանելի փաստ: Անշուշտ տարածաշրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ միջպետական ու մեծապետական սակարկութիւնները Արցախը եւ Հայաստանը նկատի կ՛ունենան տկար օղակ: Սակայն այս բոլորէն առաջ եւ բոլորէն անդին զարմանալի՛ն Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած վարքագիծն է: Հայրենիքի կորուստի համազգային վտանգը հետեւողականօրէն կ՛անտեսուի այս վարչախումբին կողմէ, եւ ան ճիգ չի խնայեր այդ անտեսումի մթնոլորտը խորացնելու հասարակութեան մէջ: