ՀՅԴ Հունաստանի կենտրոնական կոմիտեն հայտարարություն է տարածել. «Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն տեղեկացանք, թէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համանախագահ՝ ընկ. Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան արգիլուած է, իսկ ինքը «անբաղձալի անձ» նկատուած ըլլալով Հայաստանի համար, պարտադրուած է ետ վերադառնալու Ֆրանսա։ Անհասկնալի, մերժելի ու խստօրէն դատապարտելի արարք մը, որ գործուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, Հայ դատի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար տարիներ շարունակ անձնազոհութեամբ պայքարած ընկ. Մուրատ Փափազեանին դէմ։